By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ճումհուրիյէթ>> - Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ եւ ելեւմուտքի նախարար Ապտելլաթիֆ Շեներ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան եւ անոր դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան իրենց աջակցութեամբ Քաթարէն տարբեր չեն: Ան զարմանք յայտնեց, որ միայն Քաթարը կը նշուի իբրեւ ահաբեկչութեան աջակցող՝ հարց տալով. <<Ծոցի երկիրներն ու այլ երկիրներ, ներառեալ Թուրքիան, Սուրիոյ մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու համար դաշնակից չէի՞ն։ Անոնք նաեւ երկու տարիէ ի վեր ամերիկեան աջակցութեամբ Եմէն ներխուժման մէջ դաշնակից չե՞ն>>:
<<Այն բոլոր բաները, որոնք Քաթարի հարցով տեղի կ՛ունենան, թատրոն մըն է, որուն հեղինակը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, իսկ դերասանները՝ Ծոցի իշխաններն ու թագաւորները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը>>, ըսաւ ան՝ նշելով, որ այդ բոլոր երկիրներուն մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ կան:
Շեներ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն է եւ 2002-2007ին Էրտողանի կառավարութեան մէջ փոխվարչապետ էր: Ան 2009ին իշխող կուսակցութենէն հեռացած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ