Հայաստան կ՛ակնկալէ Եւրոմիութեան անդամներու "յստակ աջակցութիւնը"

By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017

0621europe

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Հայաստան կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններու <<յստակ աջակցութիւնը>>՝ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հարցով, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան՝ Յունիս 19ին Լիւքսեմպուրկի մէջ ելոյթ ունենալով Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ժամանակ:

<<Համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ մենք կրցանք աւարտել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները: Բնագիրը նախաստորագրուած է, եւ կ՛ակնկալենք զայն ստորագրել գալիք գագաթնաժողովի ընթացքին: Գրեթէ զուգահեռաբար քննարկեցինք եւ համաձայնութեան եկանք 2017-2020ի Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ: Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը պիտի առաջնորդեն Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը յառաջիկայ տարիներուն եւ պիտի օգնեն մեզի ամրապնդելու մեր փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը>>, ըսած է նախարարը:

 



comments