Կանխուած է Ատրպէյճանական ծագումով աղի ներածումը Հայաստան

By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017

0621azerisalt

ԵՐԵՒԱՆ - Վերջերս, սահմանին վրայ կանխուած է ատրպէյճանական ծագումով շարք մը ապրանքներու ներածումը Հայաստան:

Ըստ Հայաստանի Մաքսային իշխանութիւններուն՝ հիւսիսային մաքսատուն-վարչութեան Պաւրայի մաքսային կէտ-բաժինի աշխատակիցները Վրաստանէն Հայաստան ժամանած ինքնաշարժներու մէջ յայտնաբերած են աւելի քան կէս թոն ատրպէյճանական ծագումով աղ եւ թէյ:

Ըստ ուղեւորներուն՝ իրենք տեղեակ չեն եղած ապրանքներու ծագումին մասին, իսկ իմանալէ ետք հրաժարած են բեռը տեղափոխել հանրապետութիւն:


comments