Թշնամին չորս կորուստ տալով ետ շպրտուած է

By Asbarez | Thursday, 22 June 2017

0623diversion

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ -  Յունիս 21ի լոյս 22ի գիշերը ատրպեճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ ձեռնարկուել է հայկական սահմանէնն ներս թափանցելու խափանարարական փորձ:

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակագերու կահաւորուածութեան եւ սարքերու պատշաճ յագեցուածութեան, ժամանակին հաւաստանշած են յարձակող խումբի յառաջխաղացումը եւ հակառակորդին պատճառելով առնուազն 4 զոհ՝ ետ շպրտած են զայն:

Ատրպեճանական կողմը հայկական մերձդիրքային տարածքի վրայ թողած է յատուկ գրոհայիններու անձնական պարագաներ:

Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին ՊԲն կորուստներ չի ունեցած:

 



comments