By Asbarez | Thursday, 22 June 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ժան-Իվ Լոտրիանի հետ Յունիս 20ին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. <<Ուաշինկթընէն սուրիական վարչակարգի օդանաւին վար առնուելուն վերաբերեալ բացատրութիւն մը կը սպասենք: Սուրիական վարչակարգին հասցուցած հարուածներուն նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը արգելակելն է>>:
Լաւրով նաեւ քննադատեց Ռուսիոյ դէմ նոյն օրը սահմանուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները, զանոնք Ամերիկայի մէջ <<ռուսատեացութեան>> նոր դրսեւորում մը որակելով։ 38 ընկերութեան եւ անձերու դէմ Ուաշինկթընի նոր պատժամիջոցները կապուած են Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեան։
Միւս կողմէ, Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ օդային հարուածները կը դադրեցնէ, սուրիական օդանաւին հետ առնչուած միջադէպէն ետք: <<Իբրեւ նախազգուշական միջոց, Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներ հասցնելու Աւստրալիոյ զինեալ ուժերու գործողութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է>>, յայտարարած է նախարարութիւնը:
Նշենք, այդ դէպքէն ետք, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներուն կողմէ իբրեւ օդային թիրախներ պիտի ընկալուին Եփրատ գետէն արեւմուտք թռչող օդանաւ եւ անօդաչու թռչող սարք: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ Յունիս 19էն սկսեալ դադրեցուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ միջադէպերու կանխարգիլման յուշագիրի ծիրին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ