Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները կասեցնելու կոչ՝ Եւրոմիութեան

By Asbarez | Thursday, 22 June 2017

0622trk eu

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յունիս 20ին վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Եւրոմիութեան կոչ կ՛ընէ պաշտօնապէս կասեցնելու Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները, եթէ նախագահ Էրտողանին յաւելեալ լիազօրութիւններ շնորհող սահմանադրական փոփոխութիւնները գործադրուին առանց բարեփոխումներու:

Յանձնախումբը նաեւ սուր կերպով քննադատեց անցեալ տարուան յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք Անգարայի իշխանութեանց հակաժողովրդավարական գործողութիւնները, յեղաշրջումի փորձին դէմ Անգարայի հակազդեցութիւնը նկատեց <<անհամաչափ>>:

Յանձնախումբը անգամ մը եւս Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէ իր ուժերը գրաւեալ Կիպրոսէն հեռացնելու, հոն գաղութատիրական գործունէութիւնը դադրեցնելու եւ Ֆարոշա քաղաքը վերադարձնելու ՄԱԿի վերահսկողութեան տակ: Յանձնախումբը Անգարայի կոչ կ՛ուղղէ <<յարգելու բոլոր անդամ երկիրներու գերիշխանական իրաւունքները, ներառեալ բնական հարստութիւններու պեղման ու օգտագործման իրաւունքը, ըստ միջազգային օրէնքի>>:

Կ՛ակնալուի, որ բանաձեւը Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուի Յուլիսի նստաշրջանին։

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, որ պիտի քննարկուի Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը վերականգնելու հարցը։ Այս քայլն ալ հիմնովին ներհակ է Եւրոմիութեան գաղափարներուն։

Միւս կողմէ, <<Միլլիյէ>>չ թերթը հաղորդած է, որ Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանս Հան Թուրքիա պիտի այցելէ Յուլիս 6ին։ Ան վերջին անգամ  Թուրքիա այցելած էր Սեպտեմբեր 2016ին։

 



comments