By Asbarez | Thursday, 22 June 2017
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Շարք մը դեմոկրատ քոնկրեսականներ կը յայտնեն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ խախտել երկրին սահմանադրութիւնը, օտար աղբիւրներէ եկամուտ ստանալով։
<<Ան բացայայտօրէն կը խախտէ եկամուտ ստանալու յօդուածը>>, կը նշէ ծերակուտական Ռիչըրտ Պլումընթալ՝ յիշեցնելով, որ այդ յօդուածին համաձայն, ընտրեալ պաշտօնատարները արտերկրէն եկամուտ ստանալէ առաջ պէտք է ստանան Քոնկրեսի հաւանութիւնը:
<<Թրամփ կը շարունակէ գաղտնի պահել իր եկամուտի աղբիւրները>>, աւելացուցած է ան:
Թրամփ արտերկրէն եկամուտ կը ստանայ իրեն պատկանող ընկերութիւններուն միջոցով, իսկ Քոնկրեսի դեմոկրատները այդ պատճառով ցարդ նախագահին դէմ երեք դատ բացած են: Ընդդիմադիր օրէնսդիրները կը շեշտեն, թէ օտար երկիրներէ ստացուող եկամուտը բնականաբար պիտի ազդէ Թրամփի որոշումներուն վրայ, ինչ որ կրնայ ամերիկացիներու շահերուն խոտոր համեմատիլ:
<<Չենք գիտեր, թէ նախագահ Թրամփ այդ որոշումները ամերիկացիներո՞ւն թէ իր սեփական շահերուն հիման վրայ կու տայ>>, ըսած է ծերակուտական Թամ Եուտալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ