Ռաքքայի գրաւումէն ետք Ամերիկա Քիւրտերէն ետ պիտի առնէ իր տրամադրած զէնքերը. Մեթիս

By Asbarez | Thursday, 22 June 2017

0623US Kurd

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ Յունիս 22ին հաղորդած են, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիսի կողմէ իր թուրք պաշտօնակից Ֆիքրի Ըշըքի յղուած նամակին մէջ շեշտուած է, որ Ռաքքան <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներէն ազատագրելէ ետք, Ուաշինկթըն Սուրիոյ քիւրտերէն ետ պիտի վերցնէ իր տրամադրած զէնքերը։

Ամերիկացի նախարարը անգամ մը եւս երաշխիքներ տուած է Թուրքիոյ, թէ քրտական ուժերուն տրամադրուած ամերիկեան զէնքերը պիտի չօգտագործուին իրենց դէմ:

Յիշեցնենք, որ Ռաքքայի գործողութեան ընթացքին Թուրքիոյ փոխարէն Սուրիոյ քիւրտերուն հետ գործակցելու ամերիկեան ղեկավարութեան որոշումը արժանացած էր Անգարայի խիստ քննադատութեանց, որովհետեւ Թուրքիա Սուրիոյ քրտական ուժերը <<ահաբեկչական>> կը նկատէ:

 

comments