By Asbarez | Thursday, 22 June 2017
Այս օրերուն, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախ կը գտնուի պելճիքացի ծերակուտական Եորիս Փոշեթ:
ծերակուտականին կ՛ուղեկցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էւինեան:
Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ողջունելով ծերակուտականին այցը Արցախ, նշեց, որ Եւրոխորհրդարանին հետ բարեկամութեան յանձնախումբը բաւական ընդգրկուն է եւ կը ներկայացնէ Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւնները: <<Բելգիայի խորհրդարանականների հետ բաւականին ջերմ յարաբերութիւններ են ստեղծուել եւ փորձում ենք այդ յարաբերութիւնները տեղափոխել գործնական դաշտ>>, ընդգծեց Վահրամ Բալայեան՝ յոյս յայտնելով, որ այդ յարաբերութիւնները երկարատեւ կ՛ըլլան եւ կը նպաստեն շարք մը հարցերու լուծման՝ յատկապէս տեղեկատուական դաշտին մէջ:
<<Իմ մօտ կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ հակառակ կուսակցութիւններու տարբերութիւններուն, բոլորին մօտ համաձայնութիւն կայ, բոլորդ անկախ Արցախ կ՛ուզէք>>, նշեց Եորիս Փոշեթ եւ հետաքրքրուեցաւ, թէ Արցախի հարցին մէջ ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունին Արցախի տարբեր քաղաքական ուժերը:
Պատուիրակութիւնը Արցախ պիտի մնայ քանի մը օր։ Կը նախատեսուին հանդիպումներ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին, The halo trust կազմակերպութեան, Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի անդամներուն հետ:
Երէկ, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նոյնպէս ընդունեց պելճիքացի ծերակուտականը: Քննարկուեցան Պելճիքա-Արցախ խորհրդարանական կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու յետագայ ընդլայնման եւ խորացման համար կան խոստմնալից հիմքեր, ու այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատեց Պելճիքայի եւ անոր վարչական միաւորումներուն, քաղաքական, հասարակական, գիտակրթական, մշակութային եւ այլ շրջանակներու ներկայացուցիչներու յաճախակի այցելութիւնները հանրապետութիւն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ