Հայաստանցի վեց փախստականներու մուտքը Նորվեկիա զարմացուցած է տեղւոյն իշխանութիւնները

By Asbarez | Thursday, 22 June 2017

0623norway

ՕՍԼՕ - Հայաստանցի վեց փախստականներ յայտնուած են Նորվեկիոյ սահմաններէն ներս՝ զարմանք պատճառելով տեղւոյն իշխանութիւններուն: Հայ փախստականները ինքնաշարժով Նորվեկիա մտած են Նորվեկիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հիւսիսային ամենահեռաւոր ճանապարհով:

Նորվեկիացի պաշտօնեաները հարցում  ուղարկած են ռուս գործընկերներուն, թէ ինչպէս հայերը կտրած են սառուցեալ գօտիի հեռաւոր սահմանային անցակէտը: Նորվեկիա եւ Ռուսիա ստորագրած են սահմանը պաշտպանելու փոխադարձ համաձայնագիր, ըստ որուն՝ առանց պատշաճ փաստաթուղթերու չի թոյլատրուիր սահմանը անցնիլ:

Նորվեկիոյ կողմէն սահմանային անցակէտ Ստորսկոքի ոստիկանապետ Էլէն Քաթրին Հեթթա <<Էսոշիէթըտ Փրէս>>ին յայտնած է, որ փախստական հայաստանցիները Նորվեկիա մտած են անցեալ Երեքշաբթի օր: Անունները չեն նշուիր, բայց յայտնի է, որ անոնց մէջ առնուազն մէկ երեխայ կայ: Ոստիկանապետը յայտնած է, որ վեց հայերը 4 տարեկանէն մինչեւ 58 տարեկան են:

 



comments