By Asbarez | Friday, 23 June 2017
Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան կ՛ըսէ, թէ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը դեռ չի գոհացներ զինք, քանի որ Արամ արք. Աթէշեան տակաւին չէ հրաժարած պատրիարքի փոխանորդի իր պաշտօնէն, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ այդ գործընթացին: <<Թերթ>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Փայլան կը նշէ, որ տակաւին կը սպասէ այդ քայլին եւ սկսած է կասկածելու, որ Արամ արքեպիսկոպոս փորձէ շահագործել իրավիճակը:
Փայլան կը յայտնէ, թէ պատրիարքութեան հաւանական թեկնածուներէն ոչ մէկուն կը զօրակցի առայժմ, որովհետեւ նախ կ՛ուզէ տեսնել, թէ ստոյգ որո՞նք պիտի ըլլան անոնք եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ առաջարկներով պիտի ներկայանան:
Ըստ անոր՝ Պոլսոյ պատրիարքը պէտք է կարենայ ներկայացնել Թուրքիոյ հայ համայնքը ամբողջ աշխարհին: <<Ես կը կարծեմ, որ Արամ արք. Աթէշեան ատիկա չըրաւ վերջին տարիներուն>>, կ՛ըսէ ան:
Կարօ Փայլան հաւանական կը համարէ, որ Արամ արք. Աթէշեան՝ որպէս պատրիարքի թեկնածու, մասնակցի ընտրութիւններուն, բայց իր կարծիքով՝ ան զերօ կարելիութիւն ունի յաղթելու: <<Այնքան սխալներ գործեց, որ համայնքին մէջ ոչ ոք կ՛ուզէ անոր քուէ տալ: Ան կը շարունակէ այդ <<աթոռին նստիլ>>, քանի շատ լաւ գիտէ, որ ընտրութիւններուն ոչ մէկ կարելիութիւն ունի յաղթելու>>, կ՛ըսէ հայ երեսփոխանը:
Իսկ <<հաւանակա՞ն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միջամտեն ընտրութիւններու կազմակերպման>> հարցումին, ան կը պատասխանէ, որ անոնք միշտ միջամտած են եւ հիմա ալ կը միջամտեն համայնքին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: <<Թուրքիան նշանակած էր Արամ Աթէշեանը, որպէս պատրիարքի փոխանորդ, բայց մենք չէինք ուզեր: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն ազդելու համար պատրիարքի ընտրութիւններուն վրայ: Յամենայն դէպս, կրնամ ըսել, որ անձամբ ես ալ ամէն ինչ պիտի ընեմ՝ թոյլ չտալու համար, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միջամտեն ընտրութիւններու կազմակերպման>> կ՛եզրափակէ Փայլան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ