Ռուսիայէն յաւելեալ ռազմական հրթիռային համալիրներ եւ հրասայլեր՝ Ատրպէյճանին

By Asbarez | Tuesday, 27 June 2017

0627azr rus

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ միջկառավարական պայմանագիրին համապատասխան՝ Յունիս 26ին իրագործուած է ռազմական նորագոյն կազմածներու ծրագրուած մատակարարումը:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Պաքուի նաւահանգիստ բերուած ժամանակակից սպառազինութեան մեծ խմբաքանակը մօտիկ ապագային պիտի առաքուի ճակատամերձ գօտի:

Անոնց մէջ կան հրթիռային համալիրներ եւ հրասայլեր, ինչպէս նաեւ զրահապատ փոխադրակառքեր եւ այլ սարքաւորումներ։

<<Այդ սպառազինութիւնը պիտի զօրացնէ հակառակորդին զրահապատ կառքերը եւ պաշտպանութեան ամրացուած դիրքերը աւելի ազդու կերպով հարուածելու Ատրպէյճանի ռազմական ուժերու կարելիութիւնները>>, նշ-ուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յոխոր-տացող հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը շեշտուի, թէ ռուսական ռազմական կազմածներու եւ սպառազինութեան Ատրպէյճանի մատակարարումները պիտի շարունակուին:

Միաժամանակ, Յունիս 26ին տօնուող Ատրպէյճանի զինուած ուժերու օրուան առիթով, Ռուսիոյ ռազմարդիւնաբերական <<Ռոսօպորոնեքսթոր>>չ ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Միխայեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին:

 

comments