By Asbarez | Monday, 26 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Յունիս 26ին, Խարբերդ եւ Պինկէօլ նահանգներու սահմանագիծին վրայ, թրքական զինուորական ուժերու եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է:
Ըստ թրքական <<Հապեր 7>> լրատուամիջոցին՝ քիւրտ զինեալներու յարձակման հետեւանքով սպաննուած է առնուազն մէկ թուրք զինուոր, վիրաւորուած են քանի մը ուրիշներ:
Թրքական բանակը լայնածաւալ գործողութեան մը սկսած է յարձակումը իրականացուցած քիւրտ զինեալներուն դէմ, օգտագործելով նաեւ ռազմական ուղղաթիռներ:
Նոյն օրը, քրտաբնակ Հաքքարի նահանգին մէջ նոյնպէս արձանագրուած են քիւրտ զինեալներու եւ բանակին միջեւ զինեալ ընդհարումներ, որոնց հետեւանքով սպաննուած է թուրք զինուոր մը եւս։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ