Պիտի չ՛արտօնենք, որ Սուրիոյ հիւսիսը որեւէ պետութիւն ստեղծուի. Էրտողան

By Asbarez | Monday, 26 June 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը  ունեցած է Ուրֆայի բնակիչներուն հետ եւ յայտարարած է, թէ <<երկրին պառակտման եւ մասնատման ձգտող ուժեր>>ուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:

<<Ճիշդ է, որ զոհեր կու տանք, բայց վճռակամ ենք պայքարը շարունակելու հարցին մէջ>>, պնդած է Էրտողան, քննադատելով նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը <<պետական միաւոր ստեղծելու քրտական ուժերուն ջանքերը>>։

Էրտողան նշած է. <<Թուրքիոյ պետութիւնը եւ զինուորական ուժերը իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի արտօնութիւն չտրուի Սուրիոյ հիւսիսը որեւէ պետութիւն ստեղծելու ջանքերուն: Մեր այս կեցուածքը փոխանցած ենք Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու իշխանութիւններուն>>:

 

comments