Սպիտակ Տունը կը սպառնայ Սուրիոյ

By Asbarez | Wednesday, 28 June 2017

 

0629syr

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Սպիտակ տունը, Յունիս 26ի գիշերը անակնկալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ պնդած է, թէ Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակումի մը նախապատրաստական աշխատանքներ նկատուած են, միաժամանակ սպառնալով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը պատասխանատու պիտի նկատուի նման յարձակումի մը պարագային։

Յունիս 27ին, Սուրիա եւ Ռուսիա անհիմն համարեցին Սպիտակ տան այս արտասովոր պնդումը, զայն նկատելով Սուրիոյ դէմ ՄԱԿի մէջ մղուող <<դիւանագիտական պատերազմ>>ին հերթական մէկ դրուագը։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ այս տարուան Ապրիլին հեռահաս հրթիռներով ռմբակոծած էր Սուրիան՝ կառավարութիւնը պատասխանատու նկատելով աւելի կանուխ Խան Շէյխունի մէջ տեղի ունեցած քիմիական նիւթով յարձակումին։

Անկախ մասնագէտներ եւ նոյնիսկ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները օրին եզրակացուցած էին, թէ յարձակումին պատասխանատուն շատ հաւաբանար Սուրիոյ իշխանութիւնները չէին։

 



comments

Advertisement