Թրքական ուժեր պիտի տեղակայուին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 28 June 2017

0627idlib

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Հապեր>> լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, թէ թրքական զինուած ուժեր հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ պիտի հաստատուին՝ վերահսկողութիւն հաստատելով 85 քլմ. երկայնքով ու 35 քլմ. լայնքով տարածքի մը վրայ։

Նշեալ տարածաշրջանին մէջ պիտի հաստատուին 2000 թուրք զինուորներ, աջակցելու համար հոն գտնուող <<Սուրիական ազատ բանակ>>ի զինեալներուն։

Կ՛ակնկալուի, որ հոն հաստատուին նաեւ ռուսական ուժեր: Այս նախագիծին իրագործումը կրնայ սկսիլ Յուլիսի ընթացքին:

 



comments

Advertisement