Ըստ Թայմ-ի՝ Թրամփ եւ Քիմ Քարտաշեան համացանցի ամենաազդեցիկ անձերու շարքին են

By Asbarez | Wednesday, 28 June 2017

0628kim-kardashian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.- Ամերիկեան <<Թայմ>> թերթը հրապարակած է համացանցի 25 ամենաազդեցիկ անձերու ցանկը, որուն մէջ կան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Քիմ Քարտաշեան եւ Հալէպ քաղաքէն պարմանուհի Պանա Ապետ, որ Սուրիոյ պատերազմին մասին համացանցային օրագրութիւն կը պահէ:

Թրամփի պարագային, մատնանշուած են <<Թուիթըր>>ի վրայ անոր բազմաթիւ գրառումները։ Ցանկի հեղինակներուն կարծիքով՝ Թրամփի այս հրապարակումները <<երբեմն վնաս կը հասցնեն անոր նախագահութեան>>:

0628trump

<<Թրամփ ներկայիս <<Թուիթըր>>ի վրայ ամենաշատ հետեւորդներ ունեցող անձն է, ինչ որ անոր առիթ կու տայ բաւական արդիւնաւէտ կերպով տեղ հասցնելու իր պատգամները՝ իր պայմաններով>>, գրած է թերթը:

Հալէպի բնակչուհի Պանա Ապետ եւս յայտնի դարձած է գլխաւորաբար <<Թուիթըր>>ի գրառումներուն համար, որոնց օգնութեամբ <<աշխարհը իմացած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սարսափներուն մասին, այն ժամանակ, երբ միայն փոքրաթիւ լրագրողներ կրնային քաղաք մուտք գործել>>:

Նշենք, որ պարմանուհին իր ծնողներուն հետ Դեկտեմբերին տեղափոխուած էր Թուրքիա:

 

 

 


comments

Advertisement