Ղարաբաղեան հակամարտութեան Իսրայէլի ներգրաւումը բացասական հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ. Լարիճանի

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629alilarijani color

Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ Իսրայէլի ներգրաւումը բացասական հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ: Ըստ <<Նիուզ>>ի՝ այս մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Ալի Լարիճանի։

Լարիճանի ըսաւ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խնդիրները պէտք է լուծուին առանց արտաքին միջամտութեան։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սէուլի մէջ՝ Եւրասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու խորհրդակցութեան ծիրին մէջ:

Նշենք, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարող հիմնական պետութիւններէն է: Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ ռազմաարդիւնաբերական ոլորտին մէջ մէկ տարուան համագործակցութեան արդիւնքով շուրջ 5 միլիառ տոլարի պայմանագիրներ կնքած են:

Իսրայէլցի փորձագէտներու համաձայն՝ այդ թիւը բաւական ուռճացուած է:

 

comments

Advertisement