Մեկնարկած են Դամասկոս-Երեւան-Դամասկոս երթուղիով չուերթները

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629yerevandamascus

ԵՐԵՒԱՆ - <<Զուարթնոց>> միջազգային օդակայանին մէջ, Չորեքշաբթի, 28 Յունիսին տեղի ունեցաւ Դամասկոս-Երեւան-Դամասկոս երթուղիի պաշտօնական բացումը:

Չուերթի պաշտօնական բացման ներկայ էին Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փօլատեան, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հիւրեր:

Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդուղիի գլխաւոր վարչութիւնը <<Շամ Ուինկս>> օդանաւային ընկերութեան Դամասկոս-Երեւան-Դամասկոս երթուղիով թռիչքներ իրականացնելու թոյլտուութիւն տրամադրած է: Չուերթները պիտի իրականացուին շաբաթը մէկ անգամ՝ ամէն Չորեքշաբթի:

 



comments

Advertisement