Վերջին 10 օրերուն Ատրպէյճանի բանակը 8 զինծառայող կորսնցուցած է. Վիգէն Սարգսեան

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629vikensarkesyan

Յունիս 28ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, թէ վերջին տասը օրերուն Ատրպէյճանի զինուժը կորսնցուցած է 8 զինծառայող:

<<Հաստատուած տուեալներով՝ 10 օրուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմը տուած է 8 զոհ: Չհաստատուած տուեալներով՝ զոհերուն թիւը աւելին է>>, նշեց նախարարը՝ բացատրելով, որ երկրորդ պարագային խօսքը յաջողութեամբ իրականացուած պատժիչ գործողութիւններու մասին է, սակայն ատոնց իբրեւ արդիւնք եղած զոհերուն մասին յստակ տուեալներ չկան:

Ըստ նախարարին՝ զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողները չեն յուղարկաւորած եւ ատրպէյճանական մամուլին մէջ անոնց մասին տուեալներ չկան:

Պատասխանելով Հայկական զինուած ուժերուն վերջերս ձեռք բերած ինքնաշարժներուն մասին հարցումին՝ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ըսաւ. <<Այս տարի նախարարութիւնը ձեռք բերած է այնքան ինքնաշարժներ, որքան չէր յաջողած ձեռք բերել վերջին տասնամեակին ընթացքին։ Այս տարի մեծ ծրագիր իրականացուցած ենք բանակի ինքնաշարժները թարմացնելու ուղղութեամբ: Նոր ինքնաշարժներով կը գոհացնենք առաջնագիծը սպասարկող զօրամասերը>>, եզրափակած է նախարարը:

Ըստ <<Միդիամաքս>>ի՝ անդրադառնալով վերջերս արկած ունեցած Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայ  ինքնաշարժի վիճակին եւ ուղեւորներու թոյլատրելի քանակին մասին՝ նախարարը նկատել տուաւ, ըսելով. <<Եղած է շահագործման ժամկէտի մէջ, իսկ թոյլատրելի 20 ուղեւորի փոխարէն մեքենային մէջ եղած են 18 զինծառայողներ, որոնց վիճակը բժիշկները այժմ  բաւարար կը գնահատեն>>:

 

comments

Advertisement