Իսրայէլցի յայտնի քաղաքագէտը Արցախ կ՛այցելէ

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629israyeli-artsakh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Իսրայէլցի յայտնի քաղաքագէտ, հասարակական գործիչ Աւիկտոր Էսկին Երեքշաբթի, 27 Յունիսին հիւրընկալուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ իսրայէլցի հիւրը շեշտեց հայ ժողովուրդին հետ իր ունեցած բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ընդգծեց, որ ինք Արցախ ժամանած է մօտէն ճանչնալու համար արցախցիները, ինչպէս նաեւ այցէն ստացած տպաւորութիւնները կիսելու համար իր հայրենակիցներուն հետ:

<<Ես եկած եմ այստեղ ոչ թէ որեւէ բան պատմելու, այլ՝ սովրելու համար: Հայ ժողովուրդը, որ մարդկութեան բազմաթիւ յայտնի մարդիկ տուած է, արժանի է մեծ ուշադրութեան եւ յարգանքի. անոր փորձառութիւնը պէտք է իմաստաւորուի ամբողջ մարդկութեան կողմէ>>, նշեց Աւիկտոր Էսկին:

 

comments

Advertisement