Լափշինի դատավարութեան նախնական նիստը՝ Յունիս 30ին

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629Lapshin

ՊԱՔՈՒ - Ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ նախապատրաստական նիստ մը տեղի ունեցած է Արցախ այցելելուն համար Ատրպէյճանի մէջ կալանքի տակ գտնուող լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի գործով:

Դատարանին մէջ յստակացուցած են մեղադրեալին անձնական տուեալները: Լափշին յայտարարած է, որ ինք Իսրայէլի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ քաղաքացի է: Անոր խնամակալութեան տակ կը գտնուի փոքր երեխայ մը: Իբրեւ բնակութեան վերջին վայր ան նշած է Իսրայէլը:

Ան ընդունած է, որ ծանօթացած է մեղադրանքին, որմէ ետք որոշուած է դատական նախնական նիստը կատարել Յունիս 30ին:

 

comments

Advertisement