Թուրքիա-Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութիւն բախումները կը սաստկանան

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629trk pkk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգի Ուլուտերէ շրջանին մէջ, Յունիս 28ին դարձեալ զինեալ ընդհարումներ տեղի ունեցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն եւ թուրք զինուորներու միջեւ:

Ըստ թրքական <<Տողան>> լրատու գործակալութեան՝ զինեալներու խումբը տարբեր տեսակի զէնքերով յարձակած է շրջանին մէջ գտնուող ռազմական խարիսխին վրայ, սպաննելով առնուազն երկու թուրք զինուոր եւ մէկ ենթասպայ:

Յարձակումէն անմիջապէս ետք դէպքին վայրը ուղարկուած են թուրքական զինուած ուժերու ռազմական ուղղաթիռներ, որոնք, ըստ բանակին, կը մասնակցին <<զինեալները չէզոքացնելու նպատակով շրջանին մէջ շարունակուող գործողութեանց>>:

Յայտնենք, որ վերջին քանի մը օրերուն թրքական բանակը քրտաբնակ շրջաններուն մէջ քանի մը զոհեր եւս տուած էր։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ օդուժը Յունիս 28ին գործողութիւններ իրականացուցած է հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու դիրքերուն դէմ։ Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ սպաննուած են առնուազն 7 քիւրտ զինեալներ եւ ոչնչացուած շարք մը թաքստոցներ եւ զինամթերք:

Թուրքիոյ սահմաններէն ներս նոյնպէս իրականացուած է նման գործողութիւն մը, որուն ընթացքին սպաննուած են 7 այլ քիւրտ զինեալներ, իսկ Յունիս 27ին, Պիթլիսի մէջ նման յարձակում մը 11 զոհ խլած է:

 

comments