Դէպի Ամերիկա ճամբորդութիւնները սահմանափակելու մասին Գերագոյն Ատեանի որոշումը կը քննադատուի

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629trump ban

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Դէպի Ամերիկա ճամբորդութիւնները սահմանափակելու մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրահանգի որոշ կէտերու գործադրութիւնը արտօնելու մասին Յունիս 26ին արձակուած Գերագոյն ատեանի վճիռը խստօրէն քննադատուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեանց կողմէ։

Ատեանը, որ որոշած է վերատեսութեան ենթարկուած նախագահական հրահանգին գործադրութիւնը կասեցուցած դաշնակցային ատեաններու վճիռները ամբողջականօրէն քննարկել Հոկտեմբերին սկսող նստաշրջանին ընթացքին, վճռած էր արտօնել երկրի գործադիր իշխանութեանց, որ արգիլեն մուտքը Սուրիոյ, Իրանի, Լիպիոյ, Եմէնի, Սոմալիոյ եւ Սուտանի այն քաղաքացիներուն, որոնք ոչ մէկ ազգական ունին եւ ոչ մէկ պաշտօնական կապ՝ Միացեալ Նահանգերու հաստատութեանց հետ։

Թրամփ գոհունակութիւն յայտնած էր վճիռին կապակցութեամբ, պնդելով, որ անիկա աւելի ապահով պիտի դարձնէ ամերիկացիները:

<<Վճիռին մէջ գործածուած է աներեւակայելիօրէն անորոշ լեզու մը, թէ ո՞վ պիտի կայացնէ մուտքի վերջնական որոշումը: Արդօք այն նոյն կառավարութի՞ւնը, որ կը փորձէ արգիլել իսլամներու մուտքը>>, հարց տուած է Գաղթականներու օժանդակութեան միջազգային  կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Լարա Ֆինքպայներ:

Իսկ շատեր կ՛ըսեն, թէ Գերագոյն դատարանի այս պայմանները այնքան ալ սահմանափակող յատկութիւն չունին:

<<Մեր կազմակերպութիւնը պիտի հրատարակէ <<Գիտցիր իրաւունքներդ>> խորագիրով ուղեցոյց մը եւ մեր կամաւորներուն միջոցով օդակայաններու մէջ պիտի հսկենք, թէ ճշգրտօրէն կը կատարուի՞ն հրահանգին կէտերը, որպէսզի մարդիկ անհիմն կերպով չզրկուին մուտքի իրաւունքէն>>, աւելցուցած է նոյն կազմակերպութենէն Պեթսի Ֆիշըր՝ յոյս յայտնելով, որ Գերագոյն ատեանը աւելի յստակ վճիռ մը կ՛արձակէ Հոկտեմբերին սկսող քննարկումի աւարտին:

 

comments