Թուրքիա դարձեալ ռմբակոծած է Սուրիոյ Քրտական ուժերու դիրքերը

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629trk syr

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ֆարս>> - Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրետանիներն ու հրասայլերը Չորեքշաբթի, Յունիս 28ին դարձեալ ռմբակոծած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան Աֆրին շրջանին մէջ գտնուող  քրտական ուժերուն դիրքերը:

Նշենք, որ Աֆրինը ներկայիս կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանական ջոկատներու վերահսկողութեան տակ:

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին՝ թրքական յարձակումը հակադարձութիւն մըն էր Թուրքիոյ դաշնակից՝ <<Սուրիական ազատ բանակ>>ի դիրքերուն վրայ քրտական ուժերու յարձակումին։

Թուրքիոյ ռմբակոծումներուն արձագանգած է քրտական նշեալ ուժերուն քաղաքական թեւը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ, որ շեշտած է, թէ նման յարձակումներու առաջքը առնելու համար ռուսական զօրքերը պէտք է անյապաղ տեղակայուին Աֆրինի մէջ:

<<Ամէն օր Աֆրինը կը ռմբակոծուի: Անհրաժեշտ է, որ Ռուսիա հոն ռազմական խարիսխ մը հիմնէ եւ համագործակցի մեզի հետ>>, ըսած է Մուսլիմ:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ թրքական բանակը յաւելեալ ուժեր տեղադրած էր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ռուսական <<Իզվեսթիա>> թերթին հետ ունեցած  հարցազրոյցի մը ընթացքին սպառնացած է Սուրիոյ սահմաններէն ներս ռազմական լայնածաւալ նոր գործողութիւններու սկսիլ, եթէ Թուրքիոյ սահմանները վտանգուին։

Էրտողան շեշտած է, թէ Թուրքիա նոյնիսկ կրնայ իր վերահսկողութեան տակ վերցնել սուրիական Մենպիճ եւ Ռաքքա քաղաքները:

Նշենք, որ Ուաշինկթըն մերժած էր Ռաքքան միասնաբար գրաւելու Թուրքիոյ նախագահին  առաջարկը, նախընտրելով գործակցիլ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ։

Նշենք նաեւ, որ ներկայիս Մենպիճը կը գտնուի քրտական ուժերուն, իսկ Ռաքքա քաղաքը՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութան տակ:

 



comments