By Asbarez | Friday, 30 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Պաքուի մէջ բանտարկուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին Յունիս 30ին կայացած դատական նիստին ընթացքին յայտարարած է, թէ ինք Արցախ այցելած է իբրեւ զբօսաշրջիկ, այլ ոչ թէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ հանդիպելու նպատակով. այս մասին տեղեկացուց ռուսական <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը:
<<Իբրեւ զբօսաշրջիկ՝ երկու անգամ այցելած եմ Ղարաբաղ: Բոլոր ծախսերը ես հոգացած եմ: Երբ Ղարաբաղ այցելած եմ, այնտեղէն ուղերձ չեմ ուղղած ատրպէյճանական կողմին: Ես գիշերած եմ հիւրանոցներու մէջ, որոնց անունները հիմա չեմ յիշեր: Հոն չեմ հանդիպած հայկական կողմի ղեկավարութենէն ոեւէ մէկուն հետ, իսկ յօդուածներս գրած եմ համացանցի միջոցով>>, յայտարարած է ան:
Պաքու Լափշինը կը մեղադրէ Ատրպէյճանի պետութեան շահերուն դէմ ուղղուած կոչեր կատարելու եւ պետական սահմաններէն ապօրինի կերպով անցնելու <<յանցանք>>ներով, որոնց իբրեւ հետեւանք ան կրնայ յաջորդաբար 8 եւ 5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ