Իրաքեան ուժերը ազատագրած են Մուսուլի պատմական մզկիթը

By Asbarez | Friday, 30 June 2017

0701mosul

ՊԱՂՏԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Յունիս 29ին իրաքեան ուժերը ազատագրեցին Մուսուլի պատմական այն մզկիթը, ուրկէ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատին երեք տարի առաջ հռչակած էր նոր <<խալիֆայութիւն>>ը: 850ամեայ Նուրի կոչուած մզկիթի ազատագրումը խորհրդանշական յաղթանակ է իրաքեան ուժերուն համար, որոնք աւելի քան ութ ամիսէ ի վեր կը փորձեն ամբողջութեամբ ազատագրել Մուսուլը:

Իր կարգին, Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. <<Իրաքի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> գոյութիւնը յաւիտեանս դադրեցաւ>>, եւ աւելցուց, որ մնացեալ զինեալները անձնատուր ըլլալուն այլընտրանք չունին:

Զինեալները, սակայն, կը շարունակեն դիմադրել Մուսուլի հին քաղաքի քանի մը թաղամասերուն մէջ: Իրաքի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ քաղաքին վրայ իրաքեան ուժերու վերահսկողութիւնը դարձած է ամբողջական:

 



comments