Հիւսիսային Քորէայի միջցամաքային հրթիռի առաջին յաջող փորձը կը քննադատուի

By Asbarez | Thursday, 06 July 2017

0706nkorea

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Հիւսիսային Քորէայի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարած է, որ երկրի զինուորական ուժերը Յուլիս 4ին յաջողած են իրագործել միջցամաքային հեռահաս հրթիռի առաջին փորձը:

Մասնագէտներու կարծիքով, անիկա կրնայ հարուածել Միացեալ Նահանգներու Ալասքա կամ Հաուայի նահանգները:

Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ հրթիռը ինկած է Ճափոնի ծովը, հիւսիսարեւմտեան Օկա թերակղզիէն 300 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հեռահաս հրթիռներու հերթական արձակումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստանին առաջարկած է՝ Հիւսիսային Քորէայի հարցով <<կո՛շտ քայլի>> դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ <<միանգամընդմիշտ վերջ դնել այս յիմարութեան>>:

ՄԱԿը եւս քննադատեց հրթիռին արձակումը՝ զայն ՄԱԿի բանաձեւերուն խախտում համարելով։

 

comments