Մերքելի կուսակցութիւնը դէմ է Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գաղափարին

By Asbarez | Thursday, 06 July 2017

0706germ trk

ՊՈԼԻՍ - Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի  Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը դարձեալ շեշտած է, որ դէմ է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին: Այս կեցուածքը յստակացուած է Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին ներկայացուած կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ:

Թրքական <<Հիւրրիյէ>>չ թերթը կը հաղորդէ, որ կուսակցութիւնը կարեւոր համարած է Եւրոմիութիւն-Թուրքիա համագործակցութիւնը՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքն ու երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կապերը, սակայն շեշտած է, թէ քանի որ Թուրքիա չի կատարեր Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին մէջ իր պարտաւորութիւնները, անիկա պէտք չէ դառնայ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ Նոյեմբերին, Եւրոխորհրդարանը վաւերացուցած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները սառեցնելու մասին որոշումը:

Անգարան Եւրոմիութեան անդամակցելու պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է 1987ին, իսկ Եւրոպական Միութիւն անոր մուտք գործելու բանակցութիւնները սկսած են 2005ին:

 


comments