By Asbarez | Thursday, 06 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իրանցի գործարարներու հետ քննարկուած է գիւղատնտեսական մեքենաներու արտադրութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնը:
Գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեան Չորեքշաբթի, 5 Յուլիսին հանդիպած է Իրանի գիւղատնտեսական սարքաւորումներ արտադրողներու ընկերակցութեան փոխնախագահ Հոսէյն Ռոուզաթիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ եղած են նաեւ գիւղական մեքենաներու արտադրութեամբ զբաղուող շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
<<Մեր այցի նպատակն է ծանօթանալ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտում կիրառուող տեխնիկային եւ յարակից սարքաւորումներին, դրանց հզօրութիւններին, ինչպէս նաեւ գործարար կապեր հաստատել տեղական արտադրողների հետ իրանական գիւղտեխնիկայի մատակարարման եւ նորագոյն տեխնոլոգիաների ներմուծման նպատակով>>, նշած է Հոսէյն Ռոուզաթին:
Հայ-իրանեան համագործակցութիւնը առաւել ամուր հիմքերու վրայ դնելու նպատակով, փոխնախարարը առաջարկած է իրանցի գործարարներուն սերտօրէն համագործակցիլ Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ