Ատրպէյճան դիւանագիտական 350 թռիչք իրականացուցած է՝ ահաբեկիչներ զինելու համար

By Asbarez | Thursday, 06 July 2017

0706silkway

Պուլկարիոյ ամէնէն մեծ տպաքանակով լոյս տեսնող օրաթերթը նկատուող <<Թրուտ>>ի կայքին վրայ, 2 Յուլիսին հրապարակուած է աղմկայարոյց հետաքննութիւն մը, որ խօսուն փաստերու եւ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հիման վրայ՝ կը բացայայտէ ատրպէյճանական պետական օղակներու ուղղակի ներգրաւուածութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գործող իսլամական ահաբեկչական խումբերու զինման գործին մէջ:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ յօդուածագիր Տիլիանա Կայտանտճիեւայի հետաքննական նիւթին մէջ անդրադարձ կատարուած է յատկապէս Ատրպէյճանի <<Սիլք Ուէյ Էրլայնզ>> պետական ընկերութեան կողմէ դիւանագիտական բեռներու անուան տակ քողարկումով՝ Սուրիա, Իրաք, Աֆղանիստան, Փաքիստան եւ Քոնկօ զէնքի անօրինական եւ լայնածաւալ արտածման ու վաճառքին:

Յօդուածը հրապարակուած է, երբ պուլկարացի կայքահէններու <<Անոնիմըս Պուլկարիա>> խումբը կոտրած է Սոֆիայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան ցանցը եւ փաստաթուղթերը դարձուցած հասանելի: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ վերջին երեք տարիներուն, ատրպէյճանական ընկերութիւնը քողարկուած է դիւանագիտական ծխածածկոյթով՝ աշխարհի տարբեր թէժ կէտեր տասնեակ թոներով զէնք եւ զինամթերք ուղարկելու համար: Այդ զինատեսակներուն մեծ մասը օգտագործուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ: Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, որ Ատրպէյճանի տեղափոխած զէնքերուն մէկ մասը կրնայ օգտագործուած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Խօսուն փաստերով կ՛ապացուցուի, որ 2016ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը՝ հայկական կողմին սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործելու մասին, կեղծիք է:

Իբր թէ Ատրպէյճանէն զինուորականներու կողմէ գտնուած նռնակը ամենայն հաւանականութեամբ, եղած է անօրինականօրէն տեղափոխուող զէնքերու խմբաքանակէն: Օգտագործուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հասցէն՝ պետական ընկերութիւնը իրականացուցած է անօրինական գործունէութիւն, որ անհնար պիտի ըլլար առանց Պաքուի բարձրագոյն իշխանութեան արտօնութեան ու գիտութեան: Հասանելի դարձած փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Ատրպէյճան նմանօրինակ գործելաոճ որդեգրած է ո՛չ միայն Պուլկարիոյ, այլեւ շարք մը այլ երկիրներու պարագային, ուր գործող դեսպանատուները Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն համապատասխան կարգադրութիւններ ստացած են:

0706terrorists

 

Տեղի ունեցածը ոչ միայն միջազգային իրաւունքի, այլ նաեւ՝ Օդային փոխադրամիջոցի միջազգային ընկերութեան (IATA) չափանիշներու խախտում է, որուն համար բազմաթիւ երկիրներու պատասխանատուներ (ըստ յօդուածագիրին՝ Պուլկարիա, Սերպիա, Ռումանիա, Չեխիա, Հունգարիա, Սլովաքիա, Լեհաստան, Թուրքիա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Յունաստան եւ այլն) աչք փակած են: Ատրպէյճանական թռիչուղիներու ընկերութեան կարեւոր յաճախորդներէն ու առեւտրական <<դիւանագիտական զէնքի տեղափոխման>> ծառայութիւններէն օգտուած են նաեւ ամերիկեան կազմակերպութիւններ, որոնք զէնք կը մատակարարեն Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներուն: Ըստ գնումներու դաշնակցային համակարգի տուեալներուն՝ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին ամերիկեան  շարք մը ընկերութիւններ արտօ-նութկիւն ստացած են մէկ միլիառ տոլար՝ զէնքի արտադրութեան ու արտածման համար, եւ անոնք բոլորը օգտուած են <<Սիլք Ուէյ Էրլայնզ>> ընկերութեան ծառայութիւններէն:

Ընկերութեան օդանաւերու գերծանրաբեռնուածութեան կամ անհասանելիութեան պարագային օգտագործուած են Ատրպէյճանի բանակի ինքնաթիռները, սակայն նշուած զէնքերէն ոչ մէկը հասած է Ատրպէյճան, ինչ որ կը փաստէ զէնքի անօրինական առեւտուրին մէջ պետութեան անմիջական ներգրաւուածութիւնը: Ամերիկեան ընկերութիւններու առաքումները մեծ մասամբ կ՛անցնին Քայիտայի մասնաճիւղ հանդիսացող Նուսրային կամ կ՛ուղարկուին Աֆղանիստան: Ընկերութեան ծառայութիւններէն օգտուող այլ պետութիւններէն են Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որոնցմէ առաջինը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ձեռք կը բերէ զինատեսակներ եւ զանոնք կ՛առաքէ Ափրիկէի տարբեր երկիրներ, նաեւ՝ ՏԱԷՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան: Բացի 2015 Մարտ-Մայիս ամիսներէն ընկերութեան տեղափոխած շուրջ 202 թոն սպիտակ ֆոսֆորէն (Սերպիայէն եւ Պուլկարիայէն, վերջնական կանգառը‘ Քապուլ), ընկերութեան գործունէութեան իբրեւ արդիւնք՝ լուրջ զինատեսակներ յայտնուած են Պուրքինա Ֆասոյի եւ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներու ձեռքը:

Յատկանշական է, որ ընկերութիւնը ներգրաւուած եղած է հիւսիսային Սուրիոյ տարածքին գործող քիւրտերը եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարող Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը զինելու գործին: Քիւրտերուն նկատմամբ նման <<բարեհաճութիւն>>ը, ըստ հեղինակին, կապուած է այն հանգամանքին, որ Ատրպէյճանի առաջնորդը ունի քրտական ծագում: Հետաքննութեան բոլոր կողմերուն պարզաբանումներու համար դիմած լրագրողը՝ դեռ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ստացած:

 

 


comments