Բռնութիւնը միայն բռնութիւն կը ծնի. ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են

By Asbarez | Thursday, 06 July 2017

0706minsk

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) յայտարարութիւն տարածած են, Յուլիս 4ին, Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրադրութեան լարման վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ համանախագահները կը յայտնեն.

<<Ստացած ենք տեղեկատուութիւն Յուլիս 4ի ուշ երեկոյեան Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլու գիւղի շրջանի բռնութեան վերսկսման մասին, որ պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու, ներառեալ՝ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ:

Մինսկի խումբը հրատապ կերպով կոչ կ՛ընէ կողմերուն՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնը: Բռնութիւնը միայն կը ծնի յետագայ բռնութիւն եւ ոչինչ կու տայ: Այս երկարատեւ հակամարտութեան լուծման միակ պատասխանատու եւ մարդկային ճանապարհը կողմերուն համար բարի կամքով բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալն է>>:

 



comments