Քաթարի դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները պիտի շարունակուին

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

0707qatar

ՏՈՀԱ, ԳԱՀԻՐԷ, <<Ռոյթըրզ>> - Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած արաբական չորս պետութիւնները Յուլիս 5ին յայտարարեցին, թէ պիտի շարունակեն Քաթարի դէմ իրենց որդեգրած պատժամիջոցները, որովհետեւ՝ <<կարելի չէ աչք փակել Քաթարի խափանարարական դերակատարութեան դիմաց>>։

Քաթարի <<Ճազիրա>> կայանին փակումը եւ Իրանի հետ Քաթարի յարաբերութեանց խզումը պահանջող այս արաբական երկիրները նաեւ շեշտած են, որ <<Քաթարի կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութեան եւ այլ պետութեանց ներքին հարցերու միջամտութեան դադրեցումը կարելի չէ յետաձգել>>:

Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարները, Գահիրէի մէջ իրենց ժողովի աւարտին յայտնեցին, որ իրենց պահանջներուն Քաթարի տուած բացասական պատասխանը ցոյց կու տայ, որ <<Տոհան կացութեան լրջութիւնը չ՛ընկալեր>>: Անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին կացութեան հետեւելու եւ իրենց յաջորդ ժողովը գումարելու Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր յայտնեց, որ Քաթարի դէմ որդեգրուած միջոցառումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ վերջինս փոխէ իր քաղաքականութիւնը: Իսկ խօսելով Թուրքիոյ մասին՝ սէուտական դիւանագիտութեան պետը յոյս յայտնեց, որ այդ երկիրը չէզոք կը մնայ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ եւ քաթարեան տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ շինիչ բանակցութիւններ կատարելու:

 



comments