Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը Եւրոպական դատարան կը դիմէ Թուրքիոյ հանրաքուէին գծով

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

0707kemal euro

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան դիմեց՝ Ապրիլ 16ին կայացած սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի արդիւնքին գծով:

Կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու, իր <<Արդարութեան քայլարշաւ>>ին ընթացքին ստորագրեց դատարան ներկայացուելիք դիմումը:

<<Թուրքիոյ Ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբի որոշումին պատճառով հանրաքուէն անօրինական դարձաւ: Կը դիմենք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան>>, ըսաւ Քըլըճտարօղլու՝ շեշտելով, թէ յատկապէս անընդունելի էր չկնքուած քուէաթերթիկները հաշուելու ընտրական յանձնախումբին որոշումը:

Նշենք, որ Քեմալական կուսակցութիւնը նախապէս դիմած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական եւ Գերագոյն ատեաններուն, սակայն դիմումները ապարդիւն մնացած էին:

Միւս կողմէ, Անգարայէն քայլարշաւի ելած Քըլըճտարօղլուն հաստատեց, թէ Յուլիս 9ին Պոլիս հասած պէտք է ըլլայ, եւ հոն պիտի կազմակերպուի ընդարձակ հանրահաւաք մը. <<Այս քայլարշաւէն ետք պահանջներ պիտի ներկայացնենք՝ արդարութիւնը վերականգնելու հարցով>>, աւելցուց ան։

 



comments