Անգարա կը բողոքէ բռնատէր մը սպաննելու դիմաց ինքնաշարժ խոստացող Գերմանական կոչին դէմ

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

0707trk car

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Գերմանիա ամէն օր նոր գայթակղութիւն մը կը ստեղծէ Թուրքիոյ կապակցութեամբ, ու կը պնդէ, որ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական մթնոլորտը հասած է իր գագաթնակէտին։

Արդարեւ, թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետարանի շէնքին դիմաց, ցուցարարներու կողմէ պարզուած է պաստառ մը, ուր ձրի ինքնաշարժ մը կը խոստացուի այն անձին, որ կը սպաննէ Էրտողանը, Փութինը կամ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը։

Նշեալներու նկարներուն կողքին կը տեսնուի ինքնաշարժի մը պատկերը ու կը գրուի հետեւեալը. <<Եթէ կ՛ուզես տիրանալ այս ինքնաշարժին, սպաննէ՛ բռնակալը>>։

Ցուցարարները, որոնք թրքական մամուլին կողմէ յորջորջուեցան իբրեւ <<կատղած նացիներ>>, Թուրքիոյ մէջ տեղի տուած են ընդվզումի, սակայն գերմանացի ոստիկանները գոհացած են պարզապէս՝ դիտելո՛վ։

Պաստառը պատրաստուած է <<Քաղաքական գեղեցկութեան կեդրոն>> կոչուող կազմակերպութեան կողմէ։

Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ու պախարակած է դէպքը, մասնաւորաբար դատապարտելով այն իրողութիւնը, որ ոստիկանութիւնը չէ միջամտած ու պարզապէս հանդիսատես մնացած է պատահարին։

 



comments