By Asbarez | Friday, 07 July 2017
ՀԱՄՊՈՒՐԿ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, Յուլիս 7ին վայրագ ցոյցեր տեղի ունեցան Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայացող Քսաններու խմբակի գերաստիճանին առթիւ. անոնց ընթացքին վիրաւորուեցան աւելի քան 150 ոստիկաններ եւ տասնեակներով ցուցարարներ։ Նաեւ, ձերբակալուեցան աւելի քան 70 ցուցարարներ։
Կարգ մը ծայրայեղական ցուցարարներ նաեւ յարձակած են ոստիկանական կեդրոնի մը վրայ եւ ոստիկանական ինքնաշարժներ հրդեհի տուած են:
Աւելի քան 10 հազար ցուցարարներու սոյն բողոքին թիրախը ընդհանրապէս դրամատիրութիւնն է եւ մասնաւորապէս՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որուն կինը Ուրբաթ օր կայացած ցոյցերուն իբրեւ հետեւանք՝ չկրցաւ Համպուրկի մէջ իրեն յատկացուած բնակարանէն դուրս գալ։
Նաեւ, նոյն օրը Համպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Թրամփ «պատիւ» համարեց Փութինի հետ հանդիպումը, մինչ ամերիկեան իշխանութիւնները կը հետապնդեն Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց ընթացքին Մոսկուայի միջամտութեանց ծալքերը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ