Ուաշինկթըն մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ միջազգային ներումի անդամներու ձերբակալութիւններով

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

 

0708AI

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն անհանգստացած է Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 6ին տեղի ունեցած շարք մը իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններով:

Ըստ թրքական <<Սոնտաքիքա>> լրատուակայքին՝ մասնաւորապէս մտահոգիչ նկատուած է Միջազգային ներում իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւնը, եւ ազդարարուած է, որ նման արարքներ <<կը քայքայեն երկրի ժողովրդավարական հիմքերը>>:

 



comments