By Asbarez | Friday, 07 July 2017
ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Սիփան Հեմօ չէ բացառած Սուրիոյ մէջ թուրք-քիւրտ բախումներուն հաւանականութիւնը: <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանելով՝ Հեմօ ակնարկած է Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական նախապատրաստութիւններուն, <<որոնք հասած են պատերազմի յայտարարութեան մակարդակի եւ կրնան յանգիլ իսկական բախումներու, որոնց գծով չենք կրնար ձեռնածալ մնալ>>:
Նախքան այդ, Սուրիոյ քրտական ուժերու աղբիւրներ հաղորդած էին, որ թրքական հրետանին ռմբակոծած է Հալէպի հիւսիսը գտնուող Աֆրինի քրտաբնակ շրջանները:
Իր կարգին, թրքական կողմը, զինուորական աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները՝ հաստատած է, որ թրքական զինուժը հարուածած է Աֆրին շրջանին մէջ քիւրտերու պաշտպանութեան դիրքերը: Յարձակումը կատարուած է թուրք-սուրիական սահմանին տեղակայուած հրթիռային կայաններէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք եւս իր կարգին յայտարարած է, որ Անգարա չի բացառեր զինուորական գործողութեան իրականացումը Աֆրինի մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ