Էրտողան Համպուրկի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մերքելի հետ

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

0708merkel erdo

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Յուլիս 6ին Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքը հասաւ, մասնակցելու համար Քսաններու խմբակի վեհաժողովին։ Միջոցէ մը ի վեր շատ կը խօսուէր այս ժողովին մասին, որովհետեւ Գերմանիա մերժած էր Էրտողանին արտօնել, որ Համպուրկի մէջ հանդիպում ունենայ գերմանաբնակ թուրքերու հետ։ Սակայն, Էրտողան Համպուրկի մէջ դիմաւորուեցաւ գերմանաբնակ թուրքերու խանդավառ ցոյցերով։

Էրտողան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Հանդիպումը տեւեց մէկ ժամ, սակայն անոր մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։ Դժուար չէ ենթադրել, թէ որքա՛ն լեցուն էր հանդիպման օրակարգը, քանի որ Թուրքիա, վերջին ամիսներուն, Գերմանիոյ հետ ունեցաւ տագնապալից բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք դեռ անլոյծ կը մնան ու իրենց ժխտական դրոշմը կը ձգեն Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն վրայ։ Գերմանիոյ հետ առկայ հարցերէն մէկը՝ երկրի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն էր։

 



comments