ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահները անթոյլատրելի համարած են քաղաքացիները վտանգի տակ դնելը

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

 

0708minask

Յուլիս 6ին, ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդի նիստին ընթացքին Ֆրանսայի ներկայացուցիչը Մինսկի խումբի համանախագահներու անունով հանդէս եկած է նոր յայտարարութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ հրադադարի խախտումներուն առնչութեամբ՝ խստօրէն պահանջելով վտանգի տակ չդնել քաղաքացիական բնակչութիւնը:

Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ Յուլիս 4ին հրադադարի խախտումը կը համարուի սադրիչ գործողութիւն, որ կրնայ խափանել հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ ջանքերը եւ վտանգել գալիք բանակցութիւնները:

<<Կողմերուն կը յիշեցնենք Ժնեւեան համաձայնութեան մէջ ամրագրուած անոնց պարտաւորութիւնները, որոնք կ՛ենթադրեն զերծ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ յանգեցնել քաղաքացիական անձերու անընդունելի կորուստներու: Կ՛առաջարկենք կողմերուն ձեռնարկել անյետաձգելի միջոցներ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ եւ յստակօրէն հետեւիլ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագիրներուն:

Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդգծեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի եղածին չափ շուտ հասնելու համար՝ բանակցութիւնները սկսելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ այդ է միակ իրական ճանապարհը՝ հասնելու տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան, բարգաւաճման ու հաշտեցման>>, նշած են համանախագահները:

Յուլիս 4ի երեկոյեան, Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, որ նոյն օրը, ատրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակած է TR-107 համազարկային կրակի հակազդեցիկ կայաններով, ականանետերով եւ նռնականետերով:

Հայկական կողմը կրակոցներուն հետեւանքով կորուստներ չէ ունեցած: Աւելի ուշ, Պաշտպանութեան բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած է թշնամիի դիրքերուն ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմը յայտարարած է երկու զոհ եւ մէկ վիրաւոր քաղաքացիի մասին:

 



comments