Ապատի Մուսուլէն յայտարարեց Մոսուլի մէջ Իրաքեան ուժերու յաղթանակը

By Asbarez | Tuesday, 11 July 2017

0711Mosul

ՄՈՒՍՈՒԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Յուլիս 10ին այցելեց Մուսուլ, ուր զինուորական գործողութիւններու կեդրոնին մէջ շնորհաւորեց իրաքեան ուժերը՝ անոնց արձանագրած յաղթանակին համար:

Ապատի նաեւ այցելեց Մուսուլի որոշ թաղեր, հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն բնակչութեան հետ եւ լսեց քաղաքի ազատագրումէն ետք անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Իրաքի վարչապետը Մուսուլէն յայտարարեց իրաքեան ուժերու յաղթանակն ու վերաշինութեան փուլի սկիզբը, հակառակ անոր որ քաղաքին մէկ թաղամասը կը շարունակէ մնալ <<Իսլամական պետութեան>> հսկողութեան տակ:

Իրաքեան ուժերը յայտարարեցին, որ Մուսուլի պատմական քաղաքի ազատագրութեան ընթացքին, սպաննուած է <<Իսլամական պետութեան>> անդամ շուրջ հազար զինեալ։

 



comments