By Asbarez | Tuesday, 11 July 2017
ՀԱՄՊՈՒՐԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու խմբակի վեհաժողովը աւարտեցաւ առանց կլիմայի պաշտպանութեան եւ ազատ առեւտուրի հարցերուն շուրջ գոյութիւն ունեցող խոր տարակարծութիւններու լուծման, յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որդեգրած կեցուածքներուն իբրեւ հետեւանք։
Վեհաժողովէն բխող հաղորդագրութիւնը ցաւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը պնդէ կլիմայի փոփոխութիւններուն շուրջ Փարիզեան համաձայնագիրէն հրաժարելու իր կեցուածքը: Շեշտուեցաւ նաեւ, որ Քսաններու խմբակի մնացեալ անդամները կը շարունակեն յանձնառու մնալ <<անշրջելի>> այդ համաձայնագիրին:
Նշենք, որ վեհաժողովի վերջին օրը ամբողջութեամբ յատկացուած էր այդ անել կացութենէն դուրս գալու փորձերուն:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ կը ցաւի Թրամփի դիրքորոշումին համար, սակայն գոհ է, որ մնացեալ 19 անդամները ընդդիմացած են համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու ամերիկեան պահանջին:
Թրամփ, իր կարգին զիջում մը ապահովեց, երբ վեհաժողովի մասնակիցները ընդգծեցին <<առեւտրական պաշտպանութեան օրինական միջոցառումներ>> կիրարկելով՝ իրենց շուկաները պաշտպանելու իրաւունքը: Ան աւելի ուշ գրեց, որ վեհաժողովը <<հոյակապ յաջող էր>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ