By Asbarez | Tuesday, 11 July 2017
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլէնի Թէոխարուս յայտարարութիւն մը կատարեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ Յուլիս 4ին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած սադրիչ նոր գործողութիւններուն վերաբերեալ: Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. <<Յուլիս 4ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական ռեժիմը, որուն համար մարդկային կեանքը որեւէ արժէք չունի, իր իսկ բնակչութիւնը օգտագործած է, իբրեւ կենդանի վահան՝ խախտելով հրադադարի պահպանման ռեժիմը։ Ատրպէյճան համազարկային իր հրթիռային կայանքը տեղադրած է բնակելի գիւղին շատ մօտ եւ զայն օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղը արկակոծելու նպատակով: Ատիկա Ատրպէյճանի ներկայ կառավարութեան արատաւոր ու անմարդկային ռազմավարութիւնն է՝ քարոզչական նպատակով, անգթօրէն օգտագործել պարզ ժողովուրդի ողբերգութիւնը>>:
Ան անհերքելի համարեց այն փաստը, որ նոյն այդ կառավարութիւնը վճռականօրէն կը մերժէ շփման գիծին վրայ տեղադրումը հետաքննական սարքերու, որոնք կրնան կանխել հրադադարի ռեժիմի խախտումները, անմեղ մարդոց կորուստը եւ ստեղծել բարենպաստ մթնոլորտ բանակցութիւններու ու խաղաղութեան համար:
<<Ես խորապէս կը ցաւիմ ատրպէյճանական կողմի անմեղ մարդկային կորուստներուն համար, նոյն ատեն, կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք մտահոգուած են այս կացութեամբ՝ ըլլալու առարկայական եւ լուռ չմնալու, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ <<Իսլամական պետութիւն>> խմբաւորման ոճով կը գլխատեն մարդիկ, անոնց մարմինի մասերը կը ցուցադրեն՝ որպէս յաղթական աւար եւ կը խեղեն 90ամեայ հայ քաղաքացիներու մարմինները, ինչպէս այդ մէկը տեղի ունեցաւ 2016ի Ապրիլին>>, կ՛ըսուի Թէոխարուսի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ