Շուէտի մէջ երեսփոխաններ Էրտողանը ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանեն

By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017

0712Annika Lillemets

ՍԹՈՔՀՈԼՄ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Շուէտի Ձախակողմեան եւ Կանաչ կուսակցութեանց անդամ հինգ երեսփոխաններ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ բողոքի հայց ներկայացուցած են՝ զայն ամբաստանելով ցեղասպանութիւն կատարելու յանցանքով:

Երեսփոխանները Թուրքիոյ նախագահին վերաբերեալ հետաքննութեան սկսելու պահանջ ներկայացուցած են Շուէտի Միջազգային դատախազութեան գրասենեակին՝ հիմնուելով 2014ին վաւերացուած այն օրէնքին վրայ, որ երկրի ատեաններուն իրաւունք կու տայ՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն գծով հետապնդել որեւէ երկրի քաղաքացիները:

Դիմումը ներկայացնողներէն՝ երեսփոխան Անիքա Լիլեմենց բացատրած է, թէ դատը կ՛առնչուի 2015ին Թուրքիոյ քիւրտերուն դէմ տեղի ունեցած սպանդներուն՝ աւելցնելով, որ հետապնդումներու թիրախ են նաեւ Թուրքիոյ ներկայ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն, պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքը եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներ։

 



comments