By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիա կատարած պաշտօնական իր այցելութեան աւարտին յայտարարած է, որ Ամերիկա եւ Թուրքիա կորսնցուցած են փոխադարձ վստահութիւնը:
Ըստ թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> լրատուական կայքին՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք, Թիլըրսըն այցելած է Պոլսոյ ամերիկեան գխաւոր հիւպատոսարանը, ուր ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է. <<Թուրքիոյ հետ փոխադարձ վստահութիւնը կորսնցուցած ենք, բայց յարաբերութիւնները վերականգնելու համար պէտք է ջանք գործադրենք>>:
Աւելի ուշ, <<Ռոյթըրզ>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թիլըրսընի խորհրդական Ռ. Հեմընտ յայտնած է, որ Էրտողան ու Թիլըրսըն քննարկած են Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցելու շուրջ ամերիկեան քայլերը եւ Սուրիոյ որոշ շրջաններու մէջ յայտարարուած զինադադարներուն առնչուող հարցեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ