By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ - <<Մայատին>> կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտնած են, թէ թրքական հրետանին Յուլիս 10ին ռմբակոծած է Աֆրինի մօտակայ գիւղերը: Արձանագրուած է հինգ վիրաւոր:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է Աֆրինի մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծել՝ նշելով. <<Այնքան ատեն, որ քրտական սպառնալիքը կը շարունակուի, պիտի կիրարկենք մեր ճակատումի կանոնները եւ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձենք Աֆրինի մէջ>>:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ պէտք է հրաժարիլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ երկակի չափանիշներու կիրարկումէն եւ երաշխաւորել ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութիւնը ու միասնականութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ