Ատրպէյճանցի Ռուս միլիառատէրը եւ Թրամփի ընտրապայքարը

By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017

0712trump azr

Թրամփ՝ Արաս եւ Էմին Աղալարովներուն հետ, 2012ին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Վերջին քանի մը օրերուն, Ռուսիոյ եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարի ներկայացուցիչներուն միջեւ կասկածելի հանդիպումները լուսարձակներու տակ են, այս անգամ՝ Թրամփի աւագ զաւակին եւ փեսային ունեցած մէկ հանդիպման պատճառով։

Արդարեւ, անոնք հանդիպում մը ունեցած են Քրեմլինի մօտիկ փաստաբան Նաթալիա Վեսելնիսքայայի հետ, այն յոյսով, որ վերջինս Հիլըրի Քլինթընի մասին <<շատ հետաքրքրական>> եւ հաւանաբար անոր ընտրապայքարին համար վնասակար տեղեկութիւններ կրնայ փոխանցել Թրամփի ընտրապայքարին։

Յատկանշական է, որ այս ենթադրեալ տեղեկութեանց աղբիւրը եղած է ատրպէյճանցի ռուս միլիառատէր Արաս Աղալարովը, որ առնուազն 2012էն ի վեր կապեր ունի Թրամփի հետ, անոր <<Միս Եունիվըրս>> գեղեցկութեան մրցանքը Ռուսիոյ մէջ իրականացնելու գծով։

Յատկանշական է, որ Արաս Աղալարովի որդին՝ Էմինը, նախկին ամուսինն է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլային։

Նշենք, որ Վեսելնիսքայա աշխատանք կը տանէր Ռուսիոյ դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները մեղմացնելու գծով։ Ըստ Թրամփի զաւակին՝ փաստաբանը <<արժէքաւոր տեղեկութիւն չէ փոխանցած>>։

 



comments