Իսլամական Պետութեան ղեկավարին սպանութեան լուրը կը հաստատուի

By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017

ԼՈՆՏՈՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը Յուլիս 11ին յայտարարեց, որ կրցած է հաստատել այն տեղեկութիւնները, թէ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատին սպաննուած է։

Կազմակերպութեան զինեալները եւս յայտարարած են Պաղտատիի մահը՝ տեղեկացնելով, որ շուտով պիտի հրապարակուի յաջորդ ղեկավարին անունը:

Աւելի կանուխ, Իրանի լրատուամիջոցները տարածած էին լուսանկարներ, որոնք կը հաւաստէին Պաղտատիի մահը: Իսկ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Յունիսի կէսերուն, իր օդուժի հարուածներուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած էր Պաղտատին:

 

comments