Հայերու ստեղծած Sololearn-ը Facebook-ի կողմէ լաւագոյն յաւելուած ճանչցուած է

By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017

 

0712sololearn

<<ՓանԱրմինիըն>>ը կը հաղորդէ, որ ծրագրաւորման ուսուցման հայ-ամերիկեան SoloLearn աշխարհի մեծագոյն բջիջային հարթակը յաղթած է Facebook ընկերութեան կողմէ տրուող FbStart Apps of the Year (FbStart-ի տարուան յաւելուածները) գլխաաւոր մրցանակը։

Միջոցառումը կը գնահատէ FbStart ծրագիրին մէջ ներառուած ամենայաջողակ յաւելուածները ամբողջ աշխարհէն, իսկ FbStar-ը Facebook ընկերութեան համաշխարհային նախագիծերէն է, որ կ՛օգնէ բջիջային յաւելուածներ մշակողներուն սկսելու եւ մեծցնելու իրենց գործը:

2015ի Դեկտեմբերին, հայ-ամերիկեան SoloLearn start up-ը ճանչցուած էր Սիլիքոն հովիտի ամենաարագ զարգացող 10 սկսնակ ընկերութիւններէն մէկը: Նկատի ունենալով հսկայական մրցակցութիւնը ծրագրաւորման ուսուցման շուկային մէջ, SoloLearn-ը յաջողած է բաւական սեղմ ժամկէտի մը մէջ դառնալ իր ասպարէզին մէջ առաջատար:

Անիկա բաղկացած է 2 բաժիններէ՝ ուսուցում եւ խաղ, որոնց օգնութեամբ օգտատէրը կրնայ մրցիլ ընկերներու հետ եւ լուծել ծրագրաւորման հարցեր:

SoloLearn-ը ամբողջ աշխարհի տարածքին ունի օգտատէրեր, որոնց շուրջ 40 տոկոսը՝ Միացեալ Նահանգներէն:

 

 


comments