Չինաստանի աջակցութեամբ Հայաստանի մարզերու մէջ մարզադաշտեր պիտի կառուցուին

By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017

0712china

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Հայաստանի մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուն ստորագրած են պայմանագիր՝ Հայաստանի մէջ մարմնամարզութեան զարգացման Չինաստանի տրամադրելիք աջակցութեան վերաբերեալ:

Այս փուլին կը նախատեսուի մարզադաշտեր կառուցել Լոռիի մարզի Վանաձոր, Սիւնիքի մարզի Կապան եւ Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքներուն մէջ:

 



comments